2014-12-18 13:17:41

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 18 դեկտեմբերի քարոզը` ''Աստուծոյ վրայ վստահիլ մեր խաւար եւ ճգնաժամային պահերուն''։


(Ռ.Վ. 18 դեկտեմբեր 2014) Հինգշաբթի, 18 դեկտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ հրաւիրեց ''վստահիլ Աստուծոյ վրայ՝ խաւար եւ ճգնաժամային պահերուն, նոյնիսկ եթէ՝ երբեմն չհասկնանք մեր հետ Անոր կատարած պատմութինը''։
''Աստուած ուզեց փրկել իր ժողովուրդը մտնելով պատմութեան մէջ, ընկերացաւ իր ժողովուրդին քայլ առ քայլ, սրբագրելով միշտ անոր սխալները, ուստի չկայ Փրկութիւն առանց պատմութեան'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, աւելցնելով՝ եթէ ասիկա լաւ չ՝ըմբռնենք չենք կրնար հասկնալ Սուրբ Ծնունդի եւ Բանի մարդեղութեան՝ իմաստը։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա մատնանշեց պատմութեան ընթացքին Աստուծոյ ընտրեալներուն, ''այսինքն՝ այն անձերը որոնք Աստուած ընտրած է ՝ Իրեն օգնելու եւ առաջնորդելու համար իր ժողովուրդը, ինչպէս ըրին Աբրահամ, Մովսէս եւ Եղիա Հայրապետները''։ Տէրը, պատմութիւնը իրագործելու համար, մեզ շատ անգամ կը մղէ մեր կամքէն անդին ճանապարհներու վրայ - հաստատեց Քահանայապետը ու ակնարկեց` Սուրբ Յովսէփի ապրած դժուարութիւններուն, երբ Ան իմացաւ, թէ Մարիամ յղի մնացած էր։ Սուրբ Յովսէփ տառապեցաւ, որովհետեւ Տիրամօր կեանքը վտանգի ենթարկուած էր, ժողովուրդի բամբասանքներու պատճառով։ Սոյն դժուար պահերուն՝ Աստուծոյ ընտրեալները, պատմութիւնը իրագործելու համար, առանց հասկնալու դժուարութեան իմաստը իրենց ուսերուն վրայ առնելու են զայն''։ Այսպէս ըրաւ նաեւ Սուրբ Յովսէփը. Ան իր կեանքի ամենադժուար պահուն, իր ուսերուն վրայ կրեց հարցը, իր հետ առաւ Իր հարսը առանց հասկնաելու պատահածը։
Աստուծոյ համար պատմութիւն իրագործել կը նշանակէ փորձի ենթարկել իր ընտրեալները, սակայն վերջաւորութեան զիրենք կը փրկէ։
Իր քարոզին աւարտին Նորին Սրբութիւնը յորդորեց դժուար եւ խաւար պահերուն միշտ յիշել թէ Աստուած կ՛ընկերանայ մեզի ու մեզ փորձութիւններու կ՝ենթարկէ եւ ճգնաժամային պահերուն մեզ կը փրկէ որովհետեւ Ան մեր Հայրն է։







All the contents on this site are copyrighted ©.